ԾԱՆՈԹԱՆԱՆՔ
ԱՐԱՄ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
հայ հասարակական քաղաքական գործիչ
Ծնեալ 1960 թ.(ներկայիս Կոտայքի Մարզ,գ.Գեղաշեն) Արամ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ուսուցիչ ծնողաց զաւակներէն է՝ արմատներով Արեւմտեան Հայաստանի Ալաշկերտ գաւառէն:
1981 – 88թթ. Տարիները Սովետական բանակէն զօրացրուելէ ետք կը յատկանշուին բարձրագոյն ուսումնական ժամանակաշրջանով: Վ. Պրիւսովի անուան կաճառի Ռուսական բանասիրական բաժինը: Երեւանի Պետական Համալսարանի Աթէիզմի ամպիոնը: Ազգաբանական եւ կրօնական ոլորտներու վերաբերեալ ունի շարք մը ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ:
1989թ. Կը հիմնէ «Գանձակ» համագործակցութիւնը (coopérative), որ հիմք կը կազմէ «Փրօկրէս» համամիութենական Գիտա-արտադրական ընկերութեան մասնաճիւղի ստեղծման Հայաստանի մէջ, որտեղ պաշտօնավարած է իբրեւ տնօրէն մինչեւ ԽՍՀՄ լուծուիլը:
1993 – 99թթ. Մոսկուա հաստատուելով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, ապա կը հիմնէ «Եունիվըր Սերվիս» շինարարական ընկերութիւնը, հանդիսանալով գլխաւոր պատուիրատուն:
2000թ. Ռուսաստանի Հայերու Միութեան առաջին համագումարի պատգամաւոր կը դառնայ: Նոյն տարուընէ կը սկսի զբաղիլ Արեւմտեան Հայաստանի հիմնախնդիրներով:
2002թ. Պեռլինի մէջ սեփականատերը եղած է «ԱՄ Եունիվըր» – «AM JUNIVER» ընկերութեան, սակայն միեւնոյն ժամանակ չէ դադրած մշակութային գործունէութիւն ծաւալելէ Գերմանիոյ մէջ:
2004թ. Տիկնոջ՝ Կարինէ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆԻ հետ հիմնած է Մայնց քաղաքի հայկական շաբաթօրեայ դպրոցը:
2005թ. Վիսպատէնի «Հայ-Գերմանական մշակութային կեդրոնը», զուգահեռ շարունակելով իրականացնելու Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւն հռչակելու ծրագիրը:
Այդ առնչութեամբ համագործակցած է ԱՄՆ գործող «Լոյս Աշխարհ» հաղորդաշարի հեղինակ՝ Ս. ՔԻՐԵՄԻՋԵԱՆԻ հետ:
2010թ. Աշխատանքային համագործակցութիւն կ’ ունենայ Փարիզեան «Հայ Ազգային Խորհուրդ» հասարակական ընկերակցութեան նախագահ Ա. Աբրահամեանի հետ, հետագային անդամ դառնալով այդ կառոյցի անուան տակ կեանքի կոչուած Իրաւաբանական Յանձնախումբին:
2011թ. Փետրուար 4-ին Փարիզի մէջ հռչակուած Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան կազմութեան գաղափարի համահիմնադիրն է: Ապա Կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ Հռչակագրի հեղինակը, իսկ հետագային Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան դրօշի գաղափարաստեղծողը:
2013թ. կ՛ընտրուի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր:
2014թ. Կառավարութեան մէջ ստանձնած աշխատանքի հետ կապուած կը հրաժարի պատգամաւորական պաշտօնէն, ինչպէս եւ Հայ Ազգային Խորհուրդի ու Իրաւաբանական Յանձնախումբի անդամակցութենէն:
Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան մէջ զբաղեցուցած պաշտօնները՝
1)Արտաքին Գործերու Յանձնաժողովի պատասխանատու, 2011-2014թթ.,
2) Արտաքին Գործոց Նախարար, յունուար 2014թ. մինչեւ յուլիս 2014թ.,
3) ԱՀՎ Կառավարութեան գործող վարչապետ:
4)2014թ. դեկտեմբերի 23-ին Շնորհուել է «ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ» դասի ՊԱՏՈՒԱՒՈՐ-ԻՐԱՎԱՐԱՐԻ դասային աստիճան:
Բազմաթիվ հայագիտակման ուսումնասիրությունների հեղինակ է :
Նիստի հրավեր
Նիստի հրավեր
Որոշումներ և ն ամակներ
ԱՀՊ ՍԳ ԻՐԱՎԱՐԱՐ ԱՏՅԱՆ
05.05.2015 Government of Western Armenia
ՄԻԱՑԵՔ ՄԵԶ